Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըՊարսելոնա-Էլ Փրաթ Միջազգային Օդակայան (քաթ.՝ Aeroport de Barcelona – el Prat, սպ.՝ Aeropuerto de Barcelona-El Prat), ծանօթ է նաեւ իբրեւ Էլ Փրատի միջազգային օդակայան: Կը գտնուի Քաթալոնիոյ ինքնավար համայնքի մայրաքաղաք Պարսելոնայի կեդրոնէն 12 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Էլ Փրաթ տէ Լէոպրեկաթ բնակավայրին մէջ։ Կը համարուի Սպանիոյ երկրորդ մեծագոյն օդակայանը՝ Ատոլֆ Սվարէսի անուան Մատրիտ Պարախաս միջազգային օդակայանէն ետք։ Երթեւեկութեան աշխուժութեամբ՝ Պարսելոնայի օդակայանը Եւրոպայի մէջ կը դասուի եօթներորդ տեղը՝ Լոնտոնի, Փարիզի, Ամսթերտամի, Ֆրանքֆուրթի, Ստամպուլի եւ Մատրիտի օդակայաններէն ետք։ Պարսելոնա-Մատրիտ օդային փոխադրամիջոցը, որ կը ճանչցուի «Pont Aeri» (քաթալաներէն) կամ «Puente Aéreo» (սպաներէն) անուններով, բառացիօրէն կը նշանակէ «Օդային Կամուրջ»։ Մինչեւ 2008, այս գիծը աշխարհի ամէնէն զբաղուն օդային երթուղին էր՝ 2007-ին արձանագրելով շաբաթական թռիչքային գործողութիւններու ամէնէն բարձր թիւը՝ 971 թռիչք․․․Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր
|
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 13 877-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 13 877 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝


